2012-03-06 12:17:32

Տիւպլինի Պաշտպան Սուրբին՝ Ս. Լաւրենցիոս Օ`Թուլին Մասունքը Գողցուած Է Մայրաքաղաքի Աթոռանիստ Եկեղեցիէն։


1161 թուականին Տիւպլինի առաջնորդ նշանակուած՝ սուրբ Լաւրենցիոս Օ`Թուլին մասունքը գողցուած է մայրաքաղաքի աթոռանիստ եկեղեցիէն։ Սուրբին մասունքը կը նկատուի քաղաքին մեծագոյն հարստութիւնը։
Սուրբ Լաւրենցիոս Օ`Թուլ ծնած էր Իրլանտա 1128 թուականին։ Ան եղած է քաղաքին առաջնորդը եւ մեծապէս գնահատուած է բնակիչներէն իր հայրական հոգատարութեան համար, մասնաւորապէս երբ Տիւպլինը սովի թիրախ եղած է։ Ան վախճանած էր հիւսիսային ֆրանսա 1180-ին, եւ սրբադասուած՝ իր մահէն 45 տարի ետք։








All the contents on this site are copyrighted ©.